2015-12-10 09:14:00

Միջազգային գիտաժողով` ''Վատիկանեան Բ Տիեզերական ժողովը ու անոր դերակատարները....''։


(Ռատիօ Վատիկան) 9-12 Դեկտեմբեր  2015-ին, Քահանայապետական պատմական գիտութեանց կոմիտէի կազմակերպութեամբ ու համագործակցութեամբ Լատերանեան համալսարանի Վատիկանեան Բ տիեզերական ժողովի ուսումնակեդրոնի, Վատիկանի մէջ տեղի կ՛ ունենայ   ''Վատիկանեան Բ Տիեզերական ժողովը ու անոր դերակատարները դիւաններու լոյսին տակ'' նիւթին մասին Միջազգային գիտաժողով մը որուն բացումը կատարուեցաւ 9 Դեկտեմբերի երեկոյեան 4-ին  Վատիկանի Սիւնհոդոսի նոր սրահին մէջ։

Գիտաժողովին կը մասնակցին կաթողիկէ եւ քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ որոնք առիթ պիտի ունենան իրենց վկայութիւնն ու ապրումները ներկայացնելու, խօսելով Վատիկանեան Բ Տիեզերական Ժողովի ու անոր  դերակատարներու մասին, արծարծելով զանազան դիւաններու մէջ պահուած փաստաթուղթեր եւ տեղեկութիւններ։

Գիտաժողովը կազմակերպուած է Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովի փակման 50 ամեակին առիթով։








All the contents on this site are copyrighted ©.